Միջազգային Գիտաժողով Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Համալսարանի մէջ` <<Դէպի ապաքինում
ու վերանորոգում>> Խորագրով
6 - 9 փետրուար 2012 Հռոմի Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Համալսարանի մէջ` տեղի կ՛ունենայ
Միջազգային Գիտաժողով <<Դէպի ապաքինում ու վերանորոգում>> Խորագրով։ Գիտաժողովին կը մասնակցին
աշխարհի զանազան վայրերէ եկած եպիսկոպոսներ ու դպրեվանքերու Մեծաւորներ, միասնաբար խորհրդածելու
ու եկեղեցւոյ յանձնառումը նորոգելու անչափահասներու պաշպանութեան ի խնդիր ու պայքարելու
մանկական սեռային զեղծումներուն դէմ։ Գիտաժողովին իրենց սատարը կը բերեն եկեղեցական
իրաւագիտութեան` հոգեբան` Աստուածաբան եւ Հովուական մարզի մասնագետներ որոնց շարքին նաեւ
Ռատիվատիկանի ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։ Գիտաժողովի բացումը կատարեց
Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Ուիլլիամ Ժոզէֆ Լեւատան։ Գիտաժողովի աւարտին` 9 փետրուարի
յետ միջօրէին նախատեսուած է Մամլոյ Ասուլիս մը ներկայացնելու համար հանդիպումի աշխատանքներու
եզրակացութիւնները։